Ամանորին ընդառաջ Սուրիահայ երեխաներուն համար իւրօրինակ անկնկալ պատրաստած էր ՀՀ սփիւռքի
նախարարութիւնը: Նշենք, որ նախաձեռնութեան միացած են շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ
ու անհատներ, որոնք նուէրներ պատրաստած էին Սուրիայէն, եւ ոչ միայն` ժամանած մեր փոքրիկ
հայրենակիցներուն համար: ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր ու միջին Արեւելքի վարչութեան
պետ Լուսինէ Ստեփանեան Aysor.am-ի հետ զրոյցին ըսաւ, որ ծրագիրը իրականացուած է 3 փուլով,
որուն մասնակցած է շուրջ 250 տարբեր տարիքային խումբերու երեխաներ: «Նախաձեռնութեան հեղինակն
է «Հայերն այսօր» պարբերականը, եւ իրականացւում է Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ:
Ծրագրի առաջին փուլում Հայաստանի 100 յայտնի անձիք` դերասաններ, հաղորդավարներ, երգիչներ
ու երգչուհիներ նուէրներ էին պատրաստել մեր սիրիահայ եւ ուկրաինահայ 100-ից աւելի հայրենակիցների
համար: Միջոցառումը, որը տեղի ունեցաւ երէկ, կրում էր «100 յայտնիները` 100 երեխաների
համար» խորագիրը»,- նշեց Լ. Ստեփանեան` յստակեցնելով, որ այսօր «Play sity» զուարճանքներու
կեդրոնին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկը նախորդի շարունակութիւնն է, իսկ այսօրուան անկակնկալ
նուէրները տրամադրած էին ոչ թէ յայտնիները, այլ` նախաձեռնութեան միացած հասարակական կազմակերպութիւններն
ու բարերաները: Նշենք, որ «Play sity» զուարճանքի կեդրոնը երեխաներուն տրամարած էր
ոչ միայն տարածք, այլեւ անոնց համար կազմակերպած էր հիւրասիրութիւն, որուն երեխաները
անհամբերութեամբ կը սպասէին: «Մեզ միացան մի շարք հասարակական կազմակերպութիւններ, ովքեր
անձամբ են նուէրները պատրաստել երեխաների համար: Ուզում ենք յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել
բոլոր անհատ կազմակերպութիւններին, ձեռնարկութիւններին ու միջազգային կազմակերպութիւններին,
ովքեր միացան մեզ: Ծրագրի մեկնարկը տրուել է Դեկտեմբերի 22-ին, որին ի սկզբանէ միացան
երիտասարդական կազմակերպութիւնները, որին յաջորդեցին նաեւ անհատ բարերաներն ու աւելի
լուրջ կազմակերպութիւնները, ինչպիսիք են «Ինեկոբանկը», Հայաստանում ՄԱԿ-ի փախստականներով
զբաղուող հայաստանեան գրասենեակը, «Վորլտ Վիժն» կազմակերպութիւնը, «Ֆրանք Միւլլեր» հայաստանեան
ներկայացուչութիւնը, հայկական «Կարմիր Խաչ» ընկերութիւնը եւ այլ կազմակերպութիւններ,
ովքեր երեխաներին տրամադրեցին ոչ միայն նուէրներ, այլեւ հագուստ: Միջոցառմանն աջակցում
են նաեւ Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածինը եւ «Կլոր Սեղան» հիմնադրամը»: Ի դէպ` ձեռնարկին ներկայ
էր նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ իր ողջոյնի խօսքին մէջ նախ շնորհաւորեց
երեխաներն ու անոնց ծնողները գալիք Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան առիթով, ապա իր անունէն
փոքրիկ անակնկալներ նուիրեց ցերեկոյթի ամենակրտսեր ու աւագ մասնակիցներուն: Ցերեկոյթի
ընթացքին երեխաներուն ողջունելու եկած էին մարիզկներ, երգիչներ ու երգչուհիներ, իսկ
գլխաւոր անակնկալը Ձմեռ պապն էր, որ եւ յանձնեց երեխաներուն անակնկալ նուէրներ: Ուրախ
տրամդրութիւնը ցերեկոյթի ընթացքին կ’ապահովէր նաեւ «հրաւիրուած» կապիկը, որուն հետ անհամբերութեամբ
նկարուելու կը սպասէին մեր փոքրիկները: